Ի պատիվ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի՝ ճաշկերույթ է կազմակերպվել, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
«Ուիսքոնսըն Նահանգի Ռէյսին քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները որդիական խանդավառութեամբ ողջունեցին իրենց հովուապետին օրհնաբաշխ այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին: Արդ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, Ժամանեց Ռէյսին քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ ծխայիններուն, շրջանի հայ հոգեւորականներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կողմէ: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։«Հրաշափառ»ի հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս ողջունեց Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը եւ ըսաւ, որ Նորին Սրբութեան այցը, բառին հարազատ իմաստով, օրհնութիւն է՝ իրենց ինքնութիւնը եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ գտած հայ ազգի զաւակներուն համար։ Վստահաբար, այս այցելութենէն ետք, հոգեւոր վերանորոգութեան ու աշխուժութեան նոր էջ պիտի բացուի այս համայնքի զաւակներու կեանքին մէջ։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր հայրական պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրեց սաղմոսերգուին հետեւեալ տողը. «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին.- Տիրոջ տունը երթանք» (122.1)։ Վեհափառ Հայրապետը մեկնելով յիշեալ նախադասութենէն՝ շեշտեց, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ ո՛չ թէ սոսկ շինութիւն: Այստեղ միատեղուած ժողովուրդը սովորական ամբոխ մը չէ, այլ հասարակաց յատկանիշ եւ արժեհամակարգ ունի: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան ընդգծեց, որ թէեւ մեր ազգի զաւակները շինեցին այս տունը, սակայն Աստուա՛ծ է որ անոնց կանչեց այս առաքելութեան: Մենք Աստուծոյ տան մէջ կերտեցինք մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը եւ դարձանք իսկական քրիստոնեաներ ու հարազատ հայեր. այս տան մէջ ձեւաւորուեցան մեր արժէքները, աւանդութիւնները եւ իտէալները: Աստուած այսօր մեզ կը հրաւիրէ իր տան մէջ իրեն հանդիպելու, որովհետեւ Ան մարդ արարածը կը սեպէ իր տան անդամը: Հետեւաբար, մենք իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդը, կոչուած ենք կառչած մնալու մեր եկեղեցիին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչին փոխանցած պատգամներուն ու արժէքներուն, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։
Հովուապետին պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին ան առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու գաղութի անդամներուն։ Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, կիրակնօրեայի աշակերտները ազգային-ժողովրդական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ժան Պչագլեան, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան եւ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան: Երեկոյեան փակման օրհնութեան խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը՝ ընդգծելով հայ համայնքին պատկանելութեան հրամայականը: Ան պարզեց, թէ քրիստոնէական վսեմ արժէքները, հայկական բարքերը, պատմութիւնն ու մշակոյթը, որոնք ժառանգած ենք մեր ծնողներէն, կ՚ամրապնդեն ու կը շեշտեն մեր պատկանելիութիւնը: Այո՛, մենք ազգ մըն ենք, որ պայմաններու բերումով փոքր համայնքներու բաժնուեցանք, սակայն մեր ունեած պատկանելիութեան ոգին մեզ կը կապէ մեր ազգին: Հետեւաբար, այսօրուան մեր մարտահրաւէրն է միշտ վառ պահել մեր պատկանելիութեան ոգին՝ եկեղեցւոյ ու ազգին նկատմամբ, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը: Ճաշկերոյթի աւարտին, միահամուռ կերպով երգուեցան «Կիլիկիա» օրհներգը եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը:— — — — —Յաջորդ առաւօտ, Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2024-ին, ընդառաջելով Շիքակոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թաթոյեանի հրաւէրին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին. ներկայ էին Ֆրեզնոյի մէջ պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Շիքակոյէն քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ ազգայիններ։ Յաջորդաբար խօսք առին պատուոյ հիւպատոսը, Շիքակոյի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան եւ այլ հիւրեր, որոնք կեդրոնացան Հայրապետին հովուապետական բազմաբեղուն գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ լայն տեղ տուին Դպրեվանքին մէջ կատարուող հոգեմտաւոր առաքելութեան։ Ապա, ցուցադրուեցաւ Դպրեվանքին առօրեային առնչուած կարճ տեսերիզ մը։
Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքը արտասանեց։ Ան լուսարձակի տակ բերաւ հետեւեալ երկու կէտերը.- ա) Հայ ինքնութիւնը հայկական աւանդութիւններով եւ արժէքներով պահելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար Ամերիկային մէջ, ուր կ՚ապրի բազմամշակոյթ ու բազմացեղ հասարակութիւն մը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ այս երկրին մէջ մեր ազգի զաւակները եղած են հաւատարիմ քաղաքացիներ. անոնք իրենց թէ՛ ազգային եւ թէ՛ եկեղեցական կեանքը ծաղկեցուցած են եւ կազմակերպած՝ միշտ կառչած մնալով իրենց արմատներուն։ Այսօր, ժամանակակից պայմաններուն մէջ, հարկ է նոյն գիտակցութեամբ ու մօտեցումով պահել մեր հայկական ինքնութիւնը։ բ) Դպրեվանքին մէջ կատարուող կարեւոր առաքելութիւնը։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը յիշելով եկեղեցականի հոգեմտաւոր կազմաւորման կարեւորութիւնը՝ ըսաւ, թէ Դպրեվանքը Սփիւրքի այն կեդրոնն է, ուր կը պատրաստուին այնպիսի հոգեւորականներ, որոնց նպատակն է ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգին։ Ահաւասիկ, այս սեղանին շուրջ գտնուող եկեղեցականները Դպրեվանքէն ելած եւ ազգին նուիրուած են։ Ուստի, Դպրեվանքին առաքելութեան զօրավիգ կանգնիլ կը նշանակէ եկեղեցւոյ, ազգին ու Հայրենիքին ուղղուած առաքելութեան նեցուկ հանդիսանալ, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։